2 3 4 5 6 7 8 9 10 11

The Board of Regents of Prelacy Armenian schools issued an announcement on Monday deploring recent attacks on different Armenian schools and their administration by individuals who are questioning the schools’ commitment to the homeland and the Armenian Cause.

Below is the text of the announcement.

The Armenian nation has been in crisis for the past year, especially after the end of the 44-day Artsakh war.

We are disappointed that the commitment of Prelacy Armenian Schools and Preschools to our homeland and our cause is being questioned, during a time when our nation is facing so many challenges.

The Prelacy Armenian Schools and Preschools have not veered from our mission to serve our homeland and will always stand with the people of Armenia and Artsakh. We condemn any attempt in fabricating and distorting the facts about our past and present commitment to our national goals.

Since 1964, this institution has wholeheartedly served the educational needs of our children and our community. Through its service and with the commitment and sacrifice of so many teachers and administrators, the Prelacy Armenian Schools and Preschools have been able to serve Armenia and Artsakh, while preserving our culture, history, heritage, and language.

We want to reassure our community that the Prelacy Armenian Schools, to this day, continue to support and assist Artsakh. In April 2022, in order for us to show solidarity with our brothers and sisters in Artsakh and Armenia, we advised all Prelacy Armenian Schools and Preschools to raise the flag of the Republic of Artsakh on our campuses and called on all our administrators to continue their support of the people of Artsakh to make sure we all do our part in their struggle for self-determination and independence. Furthermore, our latest initiative has been to partner with Schools in Artsakh that are in dire need of resources and assistance. Over the past few months, we have been in constant contact and have held virtual meetings with School administrators in Artsakh to provide any assistance needed to ensure that they are able to serve the educational needs of the young generations in Artsakh.

We call upon all those questioning our commitment to our homeland to cease spreading misinformation to our youth and community, which only causes unnecessary conflicts. The Prelacy Armenian Schools and Preschools is an educational institution that has gone above and beyond to preserve the core values of national identity.

Our record and dedication to our homeland, Artsakh, and our cause are well-established and the Board of Regents will not allow futile conflicts to slither their way into the Prelacy Armenian Schools and Preschools. Our schools have a sacred mission that must be valued and collectively protected.

We urge our administrators, teachers, and staff to continue selflessly serving our noble mission and we thank all our parents for believing in our mission and entrusting their children’s education to the Prelacy Armenian Schools and Preschools.

Board of Regents
Prelacy Armenian Schools
June 13, 2022

Խնամակալ Մարմինը Ցաւ Կը Յայտնէ Վարժարաններուն՝ Հայրենիքին Հանդէպ Յանձնառութեան Դէմ Յարձակումներուն Համար

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը Երկուշաբթի օր հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ցաւ յայտնելով հայկական տարբեր վարժարաններու եւ անոնց տնօրէնութիւններուն դեմ վերջերս կատարուած յարձակումներուն համար` կարգ մը անհատներու կողմէ, որոնք հարցականի տակ կը դնեն վարժարաններու՝ հայրենիքին եւ Հայ Դատին նկատմամբ յանձնառութիւնը:

Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.

Անցեալ առաւել քան մէկ տարուան ընթացքին, յատկապէս Արցախի 44օրեայ պատերազմէն ետք, ամբողջ հայութիւնը՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, կ՛ապրի  տագնապալի ու դառն վերիվայրումներ։

Այսու, մեր ցասումը կը յայտնենք, որ այս իրականութեան մէջ, երբ ազգովին կը դիմագրաւենք ծանր իրավիճակներ, մեր Ազգային վարժարաններու եւ աշակերտութեան պատմական կապուածութիւնը եւ յանձնառութիւնը մեր հայրենիքին ու Արցախի նկատմամբ հարցականի տակ կը դրուի։ Առ այս, խստօրէն կը դատապարտենք որեւէ ճիգ՝ զեղծելու այս իրականութիւնը եւ խեղաթիւրելու անցեալի եւ ներկայի մեր յանձնառութիւնը  ազգային նպատակներու իրականացման մեր ուղիին մէջ։  Ազգային մեր վարժարանները միշտ անշեղ մնացած են թէ՛ իրենց առաքելութեան մէջ, թէ՛ հայրենանուէր իրենց ծառայութեան մէջ։

1964էն ի վեր՝ առաւել քան կէս դար, մեր ազգային վարժարաններու կառոյցը ամբողջական նուիրումով ծառայած է յաջորդական սերունդներու հայակերտման եւ Սփիւռքի այս  ափերուն, հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու՝ իր անսակարկ նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերերելով Արցախի եւ հայրենիքի բարգաւաճման ի նպաստ զանազան ծրագիրներու։ Մեր աշակերտութեան մտասեւեռումին եւ ազգային դաստիարակութեան առանցք նաե՛ւ դարձած է Արցախը:

Կ՛ուզենք վերահաստատել, որ Սփիւռքի տարածքին ժրաջանօրէն գործող ազգային մեր վարժարանները կը թրծեն եւ կը պատրաստեն հայ սերունդը ազգային բարձր տեսլականով։ Հաւատալով, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ՝ մեր վարժարանները «Դէպի Երկիր» նշանաբանին անսած են եւ մեր կառոյցներու սեւեռումը յառած հոն՝ Արցախ Աշխարհ, ուր՝ հայ իրականութիւնը կ՛արիւնի: Մեր կրթական մշակները իրենց ամէնօրեայ դաստիարակութիւնը Արցախի բովէն եւ հայրենիքի հողէն սնեցին: Պատրաստուած սերունդը, հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ անդին լսեց հայրենի հողին արդար կանչը եւ զանազան ձեւերով միշտ պատրաստակամ եղաւ անոր կողքին կանգնելու։ Խորքային եւ իրապաշտ դաստիարակութեան հաւատալով՝ մեր վարժարանները անտեսեցին ուռուցիկ բոլոր երեւոյթները։ Արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք, մեր Ազգային վարժարանները եւ Արցախի վարժարաններ քոյր դպրոցներ հռչակուեցան։ Ապրիլ 2022էն սկսեալ, մեր բոլոր Ազգային վարժարաններուն վրայ ծածանեցաւ նաե՛ւ Արցախի դրօշը։

Այս բոլորը կը նշենք՝ վերջերս  համացանցի հարթակներուն վրայ կատարուած անհիմն  յարձակումներուն իբրեւ պատասխան եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք հարցականի տակ կ՛առնեն մեր վարժարաններու տածած հայրենասիրական ոգին, կասեցնելու իրենց անճիշդ տեղեկութիւնները տարածելու արշաւը, դադրեցնելու մեր երիտասարդ  սերունդին մօտ խտրականութեան ներարկումը, որ միայն պիտի ծառայէ մթնոլորտի սրումին։   Խնամակալ մարմինը կը հաւատայ, որ մեր Ազգային վարժարանները լօզունգային դաստիարակութենէ դուրս եկած, ամէն բանէ վեր՝ կը մնան հայապահպանման եւ մեր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահելու ու գոյատեւման կեդրոններ, շարունակելով կայուն ու մշտական կապեր հիւսել  հայրենի հողին եւ արիւնոտ մեր Արցախին հետ։

Խնամակալ մարմինը՝ ազգային հորիզոնին վրայ՝ հայրինիքի եւ Արցախի ի նպաստ մեր վարժարաններու անվիճելի վաստակով, հայ դատի եւ հայրենիքի համար  ծառայական իր հարուստ ուղիով, պիտի չթոյլատրէ որեւէ սխալ թափանցում  կամ միջամտութիւն՝ կոչ ուղղելով բոլոր դաստիարակներուն՝ շարունակել պատրաստելու ազգային նոյն ոգիով տոգորուած հայ սերունդ, որուն  թթխմորը կը պատրաստուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ