Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, կեանքի կոչուած է 30 տարիներ առաջ եւ յստակ առաքելութեամբ եւ աշխուժութեամբ Արեւմտեան Թեմի Հայ Ազգային Վարժարաններու վարչական եւ տնտեսական աշխատանքները կը վարէ: Մարմինը կը նշանակուի հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան կողմէ: Ազգային վարժարաններու հայկերտման ու մարդակերտման ազնիւ ծրագիրին ու առաքելութիւնը համադրողն ու անոր ընթացքին հետամուտն է Խնամակալ Մարմինը: Ան երկար տարիներու փորձառութեամբ եւ զանազան կազմերու իրերայաջորդ աշխատանքներով, ազգային վարժարաններու առաքելութեան յաջողութեան արթուն պահակը դարձած է: Ազգային կառոյցներու աշխատանքները համադրումով եւ ծառայասիրութեան բարձր գիտակցութեամբ կարելի եղած է հասցնել հաւասարակշռուած ու նպատակասլաց աշխատանքի եւ արդիւնքի: Խնամակալ Մարմինի երկար տարիներու աշխատանքը լաւագոյն փաստը դարձած է այդ մէկին, որ միշտ նպաստած է Ազգային Վարժարաններու վերելքին ու պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին, որովհետեւ գոյութիւն ունի խոր հաւատք աշխատանքին ու առաքելութեան հանդէպ:
Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Միօրեայ Սեմինար
Տարիներէ ի վեր գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած է Ազգային Վարժարաններու վերակացու՝ Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած տարեկան միօրեայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը:
Միշտ նորութիւններ որոնող եւ ուսամնատենչ ապրումներով առաջնորդող նախանձախնդրութեամբ, Խնամակալ Մարմինը ամէն տարի աւելի հետաքրքրիր ու շահաւէտ կը դարձնէ ուսուցչական վերապատրաստան այս իւրայատուկ սեմինարները: Դասախօսութիւնները կը պարփակեն տարբեր գիտական նիւթեր, լեզուական դասաւանդման մեթոտաբանութիւններ, հոգեբանական վերլուծումներ. ահաւասիկ ճաշակ մը այն երկար ցանկէն, որուն միջոցաւ նպատակասլաց աշխատանք կը ծաւալէ Ազգային ՎԱրժարաններու Խնամակալ Մարմինը:
Հաւատալով հայ ազգային վարժարանի անգնահատելի առաքելութեան եւ բեղուն գործունէութեան, Խնամակալ Մարմինը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որ Ազգային Հայ Վարժարանը անմասն չմնայ տեղական լաւագոյն վարժարաններու հետ մրցելու հնարաւորութենէն կամ անոնց ապրած փորձը սեփական ուժերով վերարտադրելու առիթէն: Այս իմաստով Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած տարեկան ուսուցիչներու վերապատրաստման սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28, 2017ին CSUN համալսարանէն ներս:
Ոչ միայն ազգային վարժարաններու, այլ բոլոր հայ միօրեայ վարժարաններէն ներս գորոծող հարիւրաւոր կրթական մշակներ, տնօրէններ, կրթական մարզի համեստ ծառաներ, տարին մէկ օր առիթը կ’ունենան Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած սեմինարի ընդմէջէն, առաւել եւս զարգացնելու իրենց մասնագիտական գիտելիքները եւ համեստօրէն ծառայելու հայ աշակերտին ու անոր կարիքներուն: Խնամակալ Մարմինը գնահատելով ուսուցիչներուն ծառայութիւնը եւ նուիրումը, անվերապահօրէն բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ եւ ի հարկին՝ նորը կը ստեղծէ, ապագայի հայ մարդը կերտող նուիրեալին, հայ ուսուցիչին զարգացումը ապահովելով գոհացում տալու անոր կրթական եւ դաստիարակչական արդաիական կարիքներուն:
Դարու արհեստագիական զարգացումին հետ քայլ պահելու հրամայականով զինուած են միօրեայ սեմինարները: Իսկ վերջին երկու տարիներուն անոնք կը կազմակերպուին Նորթրիճի CSUN Համալսարանական կաճառի Հայկական Բաժանմունքի անձնակազմին հետ գործակցաբար: Իւրաքանչիւր տարի նորութիւն աւելցնելու եւ աւելիով զարգացնելու միտումով գործող այս սեմինարները, իրենց նպատակին կը ծառայեն եւ կ’արժանանան ներկաներու բարձր գնահատականին:
Գնահատանքի Երեկոյ
Խնամակալ Մարմինը կը հաւատայ, որ աշխատանքը եւ ծառայութիւնը ներքին մղումով կը կատարուին, բայց նաեւ խորապէս համոզուած է, որ ծառայութիւնը արժանի է գնահատաքի, ոչ միայն ենթակային տարած աշխատանքը արժեւորելու, այլ նաեւ այլոց խթանելու, որ ծառայութեամբ իմաստաւորեն իրենց կեանքը եւ անշուշտ ազգային Եսը: Այս իմաստով, Խնամակալ Մարմինը երկարամեայ, քսանհինգ եւ աւելի, ծառայութեան վաստակ ունեցող պաշտօնէութեան անդամներ եւ ուսուցիչներ արժանաւորապէս գնահատելու բարի ցանկութիւնը ունեցած է: Գնահատանքի երեկոն տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 12, 2017ին երեկոյեան Բաղրամեան Սրահէն ներս: Երեկոյի ընթացքին պիտի գնահատուին 52 նուիրեալներ, որոնք Ազգային Վարժարաններէն ներս իրենց կեանքի կարեւորագոյն տարիները, անսակարկ նուիրումը եւ գիտելիքները ի սպաս դրած են հայ կեանքին ու մանաւանդ հայ մարդուն կերտումին:
Յառաջիկայ ձեռնարկներ
- Մարզիչներու Աշխատանքային Սեմինար
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը վարժարաններու մարզիչները մասնագիտականօրէն վերապատրաստելու սեմինար մը պիտի կազմակերպէ յառաջիկային:
- Հայրենախօսութեան Արշաւ