Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը Շաբաթ, Յունուար 11ի առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը մէկ, հանդիպում-աշխատանիստի մը հրաւիրած էր բոլոր ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու ուսումնական մարմինները:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շամլեան Ազգային Վարժարանի հանդիսասրահէն ներս: Ներկայ էին տնօրէններ, փոխ տնօրէններ, տեսուչներ եւ ուսումնական մարմինի անդամներ:
Ատենապետ՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեան Տիկ. Ազիթա Եագուպեան եւ Գանձապահ՝ Պրն. Սարգիս Ուրֆալեան Դոկտ. Յասմիկ Պարան Տիկ. Արմինէ Փափազեան Ատենապետ՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեան եւ Ատենադպիր՝ Տիկ. Շաքէ Աւագեան Տիկ. Թամար Թիւֆէնկճեան Պրն. Արմէն Աբրահամեան
Հանդիպման բացումը կատարեց Խնամակալ Մարմինի ատենապետ՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեանը: Ջերմ ողջոյնէ ետք հանդիպման նպատակը բացատրեց՝ շեշտելով մէկ որոշ իրականութիւն թէ, որեւէ աշխատանքի ձեռնարկելէն առաջ պէտք է իմանալ թէ ո՞ւր կ’երթաս եւ ինչպէ՞ս պէտք է յառաջանաս: Առ այդ մեր վարժարաններուն ղեկը ստանձնած ուսումնական մարմինները պէտք է իմանան թէ, ո՞ւր կ’երթան եւ ինչպէ՞ս պէտք է առաջնորդուին եւ առաջնորդեն մեր մեծագոյն գուրգուրանքին արժանացած ազգային վարժարանները:
Բացումէն ետք ներկաները ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ ապա օրակարգի առաջին բաժինով ներկայացուեցաւ Խնամակալ Մարմինի աշխատանքային պատասխանատուութիւններու եւ իրաւունքներու ընդարձակ ցուցակ մը իր ենթաբաժանումներով: Իւրայատուկ տախտակ մըն էր, պատրաստուած Խնամակալ Մարմինի կողմէ, ուր տարբեր բնագաւառներու պատասխանատուութիւնները ներկայացնելով բոլորին համար կը յստականար, Խնամակալ Մարմինի կեդրոնացեալ եւ առաջնորդող մարմին մը ըլլալու հանգամանքը:
Ներկայացուեցան կատարուած աշխատանքերը եւ իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրները իրենց ենթաբաժանումներով: Այսպէս, Խնամակալ Մարմինի անդամներէն փաստաբաններ՝ Տիկ. Ազիթա Եագուպեան եւ Պրն. Սարգիս Ուրֆալեան ներկայացուցին իրաւական եւ օրինական բաժինները, կրթական-դաստիարկչական մասը՝ Դոկտ. Յասմիկ Պարան, տնօրինումի եւ կազմակերպչական բաժինը՝ Տիկ. Արմինէ Փափազեան, Հայոց Լեզու-Գրականութիւն եւ աշխատանքային ծրագրաւորում՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեան, իսկ մամուլ-հաղորդակցութիւն, տեղեկատուութիւն ու ճարտարագիտութիւն IT՝ Տիկ. Թամար Թիւֆէնկճեան:
Առանձին բաժին մը յատկացուած էր ներկայացնելու կրթական առցանց ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կայքէջային կազմակերպչական ծրագիրները, որոնք որդեգրուած են Խնամակալ Մարմինի կողմէ եւ կը գործադրուին մեր վարժարաններու եւ տնօրէնութիւններու միջոցաւ:
Կարճ դադարէ մը ետք ներկաները հետաքրքիր խմբակային աշխատանքի մը լծուեցան: Խնամակալ Մարմինի անդամներէն Պրն. Արմէն Աբրահամեան ներկայացուց որոշ գաղափարներ եւ նիւթեր, որոնք կը նպաստեն մեր վարժարաններու յառաջացումին եւ կարիքները գոհացնելուն: Ներկաները խումբերով սերտեցին մտքերը եւ իրենց առաջարկները արձանագրեցին թուղթերու վրայ: Վերջաւորութեան բոլորը միասնաբար արծարծեցին ներկայացուած առաջարկները, նկատի առնելով վարժարաններու եւ գաղութի իրավիճակը:
Տիկին Կապուտեան եզրափակեց օրուան աշխատանքերը կարեւոր պատգամ մը փոխանցելով թէ, Խնամակալ Մարմինը մեր բոլոր վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն կեդրոնացեալ խորհուրդն է եւ մեր վարժարանները կը գործեն անոր հովանիին ու կանոնագրութեան ներքոյ: Մեր վարժարանները անկախ հաստատութիւններ չեն, այլ բոլորն ալ համարատու են Խնամակալ Մարմինին ու Ազգային Առաջնորդարանին: Տիկին Կապուտեան հաստատեց թէ, մեր կառոյցին զօրութիւնը կը կայանայ այս աշխատելաձեւին ու մտայնութեան մէջ:
Աւարտին ճաշի հիւրասիրութեամբ ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ մտքերու փոխանակումով կրցան պարզաբանել շատ երեւոյթներ, որոնց մասին քիչ առիթներ ունեցած են բարձրաձայնելու:
Հանդիպումը գոհունակութեամբ իր աւարտին հասաւ եւ բոլոր ներկաները հեռացան տեղեկացուած ու գիտելիքներով զօրացած, ինչը պիտի նպաստէ իրենց աշխատանքին ծաւալման եւ հետեւաբար վարժարաններուն յառաջացման: