Մէկ տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան սեմինարը այս տարի իրականացուց առցանց: Սեմինարին հրաւիրուած էին ազգային եւ հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւնները, պաշտօնէութիւնները եւ ուսուցիչները: Անոր կը մասնակցէին 410 կրթական մշակներ Լոս Անճելըսէն, Օրենճ Քաունթիէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն:
Իւրաքանչիւր տարուան Հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնին զուգահեռ, Խնամակալ մարմինը իր վարժարաններու ուսուցիչներու առաքելութիւնը եւ վաստակը բարձր գնահատելով՝ կը կազմակերպէ վերապատրաստման մասնագիտական եւ շահեկան սեմինար մը, որուն ընթացքին կը պատուէ ուսուցիչին վաստակաշատ ծառայութիւնը, նոյն ժամանակ գործնական դասընթացքներով եւ իրագործելի խորհուրդներով կը հարստացնէ հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութիւններու փորձառութիւնը: Անոնք իրենց ստացած գիտելիքներով առաւել զինուած եւ յագեցած՝ կը վերադառնան իրենց վարժարանները, որպէսզի առաւելագոյն պատրաստուածութեամբ եւ ժամանակին համապատասխանող միջոցներով դաստիարակեն իրենց վստահուած մատղաշ սերունդը:
16 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9ին, ZOOM հարթակով բացումը կատարուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի ուսուցչական վերապատրաստման սեմինարին: Օրուան հանդիսավարն էր Խնամակալ մարմինի վարչական պատասխանատու Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու վերջերս մեզմէ հեռացած Խնամակալ մարմինի ժրաջան ատենապետուհի Լիզա Կապուտեանի յիշատակը: Թիւֆէնկճեան շեշտեց, թէ ուսման եւ կրթութեան հանդէպ անոր տածած մեծ սիրոյ եւ գուրգուրանքին շնորհիւ, մեր վարժարանները նորարարական ծրագիրներով հարստացած են: Ի մասնաւորի, Կապուտեան կիրառել տուած էր հայոց լեզուի եւ հայերէն առարկաներու դասաւանդման մեթոտներու նորութիւններ, որոնց բարեբեր ազդեցութիւնները զգալի դարձած են մեր վարժարաններուն մէջ:
Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան կատարեց բացման խօսքը: Ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները՝ ան Խնամակալ մարմինի անդամներուն անունով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք յայտնեց բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ մասնաւորաբար ուսուցիչներուն, որոնք անցնող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, համաճարակի մարտահրաւէրները անտեսելով եւ ծով համբերութեամբ ու իմաստութեամբ՝ շարունակեցին իրենց առաքելութեան հաւատարիմ վարքագիծով դաստիարակել նոր սերունդը: Ան, մէջբերելով Կոմիտաս վարդապետին խօսքը՝ ըսաւ. «Զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին։ Խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է: Սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէք վերջը»:
Ան ապա հրաւիրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս․ Տօնոյեանը՝ հայրական իր պատգամը եւ աղօթքը փոխանցելու:
Սրբազանը Տէրունական աղօթքէն եւ օրհնութենէն ետք ողջունեց բոլոր նուիրեալ կրթական մշակները եւ յարգանքով յիշեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած տարիներու նուիրեալ ատենապետ Լիզա Կապուտեանը: Սրբազանը յիշեց, թէ Հոկտեմբեր ամիսը Թարգմանչաց սերունդի ամիսն է եւ մենք մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր գիր ու դպրութեան տիտաններուն: «Դուք՝ սիրելի հայ տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ մշակներ, ըլլալով մարդկութեան քաղաքակրթական արշալոյսներ նուիրած մեր ազգի անկրկնելի յաղթականներուն հաւատարիմ հետեւորդները, այսօր նաեւ ձե՛ր տօնն է: Այս առիթով ի սրտէ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը: Ապա ան շարունակեց հետեւեալ հաստատումով. «Հայ Դպրոցը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն, մեր ազգի հաւատքի ակունքէն, մշակոյթի աղբիւրէն եւ հերոսական պատմութենէն սերմեր կը ցանէ մեր մատղաշ սերունդներու հոգեմտաւոր էութեան մէջ, որպէսզի վաղը ազգի կեանքին մէջ ունենանք մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող արժանի առաջնորդներ»:
Սրբազան հօր ամբողջական եւ սրտառուչ պատգամը շատ կարեւոր եւ վճռորոշ էր դաստիարակներուն համար: Անոնք սիրով եւ համբերութեամբ անցած են երկար ու դժուար ճանապարհ: Իրենց շունչը փոխանցած են սերունդներու, առանց ակնկալութեան
Առաջին դասախօսական բաժինը դաստիարակներու գերճնշուած առօրեան մեղմելու եւ զանոնք քիչ մը հանգստացնելու համար նախատեսուած էր: Խնամակալ մարմինի անդամներէն Արմինէ Փափազեան ներկայացուց դասախօսներ Լաուրա Ուրֆալեանը եւ Դանիա Լուսինեանը: Ընկերային ծառայութեան մարզի մասնագէտները հետաքրքրական մատուցումով կրցան գրաւել ներկաները եւ անոնց փոխանցեցին գործնական միջոցներ՝ գերճնշուածութենէն ու գերլարուածութենէն հանգստնալու համար: Գնահատելով ուսուցիչներու տարած ծանր աշխատանքը, մանաւանդ անցնող տարուան ընթացքին անոնց ապրած հոգեկան վիճակները՝ առցանց դասաւանդման ստեղծած աննպաստ պայմաններուն բերումով, Խնամակալ մարմինը կ՛ուզէր ձեւով մը հանգստացնել զանոնք: Այս նիւթի ընտրութիւնը լաւագոյնս նպաստեց այդ մտքին: Ներկայացումը կատարեցին սահիկներու միջոցաւ եւ աւարտին հարցումներ եւ կարծիքներ լսեցին ուսուցիչներէն:
Երկրորդ բաժինին համար նախատեսուած սեռային հալածանքի եւ բռնութեան մասին մասնագիտական եւ պարտադիր դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ ուսուցիչներուն եւ ապա տնօրէնութիւններուն եւ վարչական պատասխանատուներուն: Խնամակալ մարմինի անդամներէն Արմէն Աբրահամեան ներկայացուց դասախօսը՝ փաստաբան Սիմոն Մանուչարեանը: Հակիրճ կենսագրական տուեալներէն ետք, դասախօսը օրինական մանրամասնութիւններ եւ օրէնքի տրամադրութիւնները փոխանցեց հասկնալի եւ մատչելի ձեւով, անշուշտ դարձեալ սահիկներու օգնութեամբ: Ներկայացումը թէեւ ZOOM հարթակին միջոցաը էր, սակայն մասնակցողները կրցան հարցումներ ուղղելել եւ կարծիքներ յայտնել, նիւթը ու մատուցումը դարձնելով աւելի հետաքրքրական եւ շահեկան:
Աւարտին Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց մասնակցութեան համար եւ նոր նուաճումներ մաղթեց անոնց: Ան նաեւ յատուկ գնահատական փոխանցեց ներկայացնող մասնագէտներուն, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին Ազգային վարժարաններու պաշտօնէութիւններուն եւ ուսուցիչներուն: