2 3 4 5 6 7 8 9 10 11

Պատրաստուիլ ու վերապատրաստուիլ… ապա լիցքաւորուիլ՝ նոր տարեշրջանի կրթական յաջող ընթացքի մը համար: Այս եղած է խթանող նպատակը, որուն շնորհիւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը կրթական տարեշրջանի առաջին քառորդին, 19 տարիներէ ի վեր կազմակերպած է ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան միօրեայ սեմինարը:

Ուսուցչութիւնը աշխարհի ազնուագոյն մասնագիտութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ ազնուագոյնը,  նաեւ բոլոր մասնագիտութիւններու կերտիչը: Իսկ ուսուցիչը բոլոր ժամանակներուն ալ եղած է լուսաւորութեան առաջին կայծը: Ան ամբողջական նուիրումով լծուած է դաստիարակութեան եւ կրթական ազնիւ գործին, որպէս համեստ մշակ: Հետեւաբար իր ծառայութիւնը կատարելագործելու համար անհրաժեշտ է անոր լիիրաւ պատրաստութիւնը եւ յաճախակի լիցքաւորումը, որ կը կատարուի նման սեմինարներու ընդմէջէն:

            Այս տարի եւս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած Հայ վարժարաններու ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստման սեմինարը մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաբաթ Հոկտեմբեր 19, 2019ին առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:30 Ֆերահեան Ազգային Վարժարանէն ներս:

            Սեմինարին կը մասնակցէին աւելի քան 400 կրթական մշակ Ազգային եւ հայկական տարբեր վարժարաններէ եւ Հ.Օ.Մ.ի շաբաթօրեայ վարժարաններէն:

            Օրուան հանդիսաւոր բացումը կատարեց Թեմիս Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տէր Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, իր հայրական աղօթքով ու պատգամով: Ներկայ էր նաեւ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Բարձրաշնոհ Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան: Ինչպէս նաեւ Արժանապատիւ Տէր Ռազմիկ Ա. Քահանայ Խաչատուրեանը եւ Խնամակալ Մարմինի անդամները:

            Սրբազան հայրը իր օրհնութեան աղօթքով դիմեց բոլորին, սեմինարին կարեւորութիւնը շեշտեց, գնահատեց կազմակերպող մարմինն ու կրթական ասպարէզի նուիրեալ հերոսները, որոնց ներկայութիւնը խօսուն փաստն է հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին հանդէպ իրենց ունեցած անսահման նուիրումին:

            Բացման խօսքը եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Խնամակալ Մարմինի ժրաջան ատենապետ՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեան: Ան խոր յարգանքով դիմեց բոլոր դաստիարակներուն, որոնք վսեմ առաքելութեան  մը հեղինակներն են  Հայ Վարժարանէն ներս: Տիկ. Կապուտեան յիշեց թէ.« Հաւաքուած ենք տարին մէկ անգամ միասնաբար սորվելու, իրար հետ բաժնելու մեր ունեցած գիտելիքները եւ փորձենք լուծումներ գտնել ամերիկահայ աշակերտին դիմագրաւած ուսումնական, հայեցի դաստիարակութեան եւ ընկերային արժէքներու իւրացման մարտահրաւէրներուն: Անշուշտ հաւատալով, այն ինչ որ պիտի լսենք այսօր անպայմանօրէն օգտագործենք մեր դասարաններէն ներս»: Ան աւելցուց թէ, 21րդ դարու աշակերտին հասնելու համար ուսուցիչները շատ կարեւոր մարտահրաւէներու առջեւ կը գտնուին, ոչ միայն ազգային կամ տեղական մակարդակով, այլ միջազգային առումով: Այս իսկ պատճառով մեր ուսուցիչները պէտք է զինուած ըլլան դիմակայելու մարդկային եւ ազգային ապագան, որ այսօր իրենց ձեռքերուն ու դասարաններուն մէջ կը գտնուի:

            Այս տարուան համար կառոյցային որոշ փոփոխութիւն մը կատարուած էր ներկայացումներու պարագային: Դասախօսական առաջին երկու բաժիններուն համար հրաւիրուած էին տարբեր բնագաւառներէ մասնագէտներ: Անոնք տարբեր նիւթերով հանդէս եկան ինչպէս, գիտական, լեզուական, հոգեբանական, մարզական, ստեղծագործական գրականութեան եւ երեւակայութեան բնագաւառներէն ներս: Դասախօսները իրենց կարելին ի գործ դրին օգտակար դառնալու ուսուցիչներուն եւ արժանացան անոնց բարձր գնահատանքին: Անոնք առիթ ունեցան ուսուցիչներուն, տնօրէնութիւններուն եւ դաստիարակներուն հետ մտերմաբար խօսելու ու սերտելու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ նոր մեթոտներ ներկայացուցին իրենց, որպէսզի անոնք կարենան ներգրաւել Ամերիկայի մէջ ապրող եւ ճարտարագիտութեան բոլոր նորարարութիւններով յագեցած իմաստուն հայ աշակերտը: Ապա օրուան երրորդ մասով ուսուցիչները բաժնուեցան իրենց դասարանային ու մասնգիտական շերտաւորումներով: Անոնք որպէս մասնագէտներ իրարու հետ փոխանակեցին եւ քննականօրէն սերտեցին հնարաւոր ու ազդեցիկ միջոցները եւ ուղղորդուած զրոյցներով ու համադրող ուսուցիչի մը ղեկավարութեամբ փորձեցին լուծումներ գտնել իրենց առօրեայ կրթական դժուարութիւններուն:

            Ճաշի դադարէն անմիջապէս ետք Հայ Դատի Յանձնախումբի երիտասարդ ու գործօն դէմքերէն՝ Արսէն Շիրւանեան կարճ ներկայացում մը կատարեց 2020 թուականին տեղի ունենալիք Ամերիկայի Մարդահամարի մասին: Արսէնը շեշտեց թէ չափազանց կարեւոր է մարդահամարի թերթիկին անմիջապէս պատասխանելը եւ անշուշտ նշել ինքնութիւնը որպէս ՀԱՅ: Այսպիսով մեր գաղութը հսկայական ներուժ կ’ունենայ ե՛ւ քաղաքական հարթակի վրայ եւ նիւթական նպաստներու կամ ֆինանսաւորումի իմաստով:

            Օրուան աւարտին բոլոր ուսուցիչները իրենց սեփական կարծիքները յայտնելու համար անանուն հարցաթերթիկներ լրացուցին եւ շինիչ առաջարկներ յայտնեցին ապագային լաւագոյնս կազմակերպելու համար նման սեմինարները:

            Խնամակալ Մարմինը կը հաւատայ, որ նմանօրինակ մասնագիտական առիթները ուսուցչական կազմերուն յառաջադիմութեան կռուաններն են: Իւրաքանչիւր մասնագիտական ոլորտ յառաջանալու եւ վերպատրաստուելու անխտիր կարծիքը ունի: Յատկապէս ուսուցչական ասպարէզը, ա՛յն կոչումն ու առաքելութիւնն է, որ առանց մշտանորոգ ուժի ու կորովի կը դադրի կրթական համակարգին ծառայելէն: Այսօր երբ ուսուցիչը իր դասարանէն ներս ունի ճարտար ու ուշիմ աշակերտներ, իրենց ուշիմ սարքերով, բացարձակապէս իրաւունք չունի աշակերտներէն նուազ պատրաստուած ըլլալու:

            Ուրեմն սիրելի՛ ուսուցիչներ, յաւելեալ զարգանալով եւ առաւելագոյնս հասկնալով ձեր խնամքին յանձնուած մատղաշ սերունդը, համարձակօրէն կրթեցէք ու դաստիարակեցէք ապագայի ինքնավստահ Հայ սերունդը: