2 3 4 5 6 7 8 9 10 11

Media

Գալիֆորնիայի Ազգային Վարժարաններու Խնմակալ Մարմինի Անկիւն

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, կեանքի կոչուած է 30 տարիներ առաջ եւ յստակ առաքելութեամբ եւ աշխուժութեամբ Արեւմտեան Թեմի Հայ Ազգային Վարժարաններու վարչական եւ տնտեսական աշխատանքները կը վարէ: Մարմինը կը նշանակուի հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան կողմէ: Ազգային վարժարաններու հայկերտման ու մարդակերտման ազնիւ ծրագիրին ու առաքելութիւնը համադրողն ու անոր ընթացքին հետամուտն է Խնամակալ Մարմինը: Ան երկար տարիներու փորձառութեամբ եւ զանազան կազմերու իրերայաջորդ աշխատանքներով, ազգային վարժարաններու առաքելութեան յաջողութեան արթուն պահակը դարձած է: Ազգային կառոյցներու աշխատանքները համադրումով եւ ծառայասիրութեան բարձր գիտակցութեամբ կարելի եղած է հասցնել հաւասարակշռուած ու նպատակասլաց աշխատանքի եւ արդիւնքի: Խնամակալ Մարմինի երկար տարիներու աշխատանքը լաւագոյն փաստը դարձած է այդ մէկին, որ միշտ նպաստած է Ազգային Վարժարաններու վերելքին ու պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին, որովհետեւ գոյութիւն ունի խոր հաւատք աշխատանքին ու առաքելութեան հանդէպ: